2012-12-27 09:56:07

Ս. Ծննդեան Պատարագ` Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ Մէջ


Երեքշաբթի, 25 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, Հայ կաթողիկէ Ս. Եղիա – Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Ներսէս-Պետրոս ԺԹ. պատրիարքը հանդիսապետեց Ս. Ծննդեան պատարագին:
Եկեղեցւոյ մէջ համախմբուած մեծաթիւ հաւատացեալներուն եւ հայ կաթողիկէ կղերին Ս. Ծննդեան տօնին առիթով ուղղած իր պատգամին մէջ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը մասնաւորապէս ըսաւ.
«Յիսուս երկինքէն իջաւ եւ մեր մէջ բնակեցաւ մեզի սորվեցնելու համար, թէ ինչպէ՞ս իրարու հետ պէտք է ապրինք` սիրով, ներողամտութեամբ եւ իրարու բեռները շալկելով: Սակայն, այս ձեւով ապրելու համար, կը կարօտինք Աստուծոյ սիրոյն եւ Յիսուս Քրիստոսի նուիրումի ոգիին: Աստուած իր անհուն սէրը մեզի պարգեւեց Յիսուսի հրաշափառ ծնունդով: Յիսուս մեզի հաղորդեց, որ Աստուած մեր հայրն է եւ ուստի` մեզի շատ մօտ է:
Աստուծոյ սէրը մեզի հանդէպ սահման չունի: Ան կը լեցնէ սիրտը այն մարդուն, որ հաւատքով իրեն կը դիմէ: Աստուած կը սփռէ իր սէրը մեր սրտին մէջ, որպէսզի մենք ալ, մեր կարգին, զայն ուրիշներուն փոխանցենք: Ով որ սէրը ուրիշներուն չի փոխանցեր, կը նշանակէ, որ ինք սէր չունի, որովհետեւ սիրոյ յատկանիշն է, որ կը սփռուի, նման կրակին, որ չի կրնար չսփռել տաքութիւնը իր շուրջ:
«Որքան որ Աստուած, եւ ոչ մեր անձը, մեր խօսակցութեան կեդրոնը կը գրաւէ, այնքան աւելի մեր հաւատքի փոխանցումը ուրիշներուն աւելի արդիւնաբեր պիտի ըլլայ, հակառակ մեր անձնական տկարութիւններուն: Ինչպէս Յիսուսին ապրելակերպը եւ Անոր խօսքը միացած էին, նոյնպէս մեր ապրելակերպը, եթէ հաւատքով եւ եղբայրասիրութեամբ միացած ըլլայ, լաւապէս պիտի արտայայտէ Յիսուսին սէրը: Լաւագոյն տեղը հաւատքը փոխանցելու համար ընտանիքն է, ուր ամէն անձ իր հարազատին պէտք է դառնայ նշան Աստուծոյ սիրոյն:
«Աստուծոյ մասին խօսիլ կը նշանակէ ուրախութեամբ, համոզումով, եւ կեանքի վարքով ուրիշին հաղորդել ինչ որ էական է, այսինքն` հաղորդել Յիսուսին սէրը, եւ ոչ անձնական կամ գեղեցիկ գաղափարներ: Արդարեւ, Յիսուս մեզ սիրեց մինչեւ իր կեանքին վերջին շունչը եւ արեան վերջին կաթիլը, լիովին մեզ սիրեց ու մեզի համար մեռաւ, բայց մանաւանդ` մեզի համար յարութիւն առաւ: Մեզ սիրելուն համար է, որ Յիսուս հիմնեց Ս. եկեղեցին, որպէսզի անոր անդամ դառնանք կազմելով Յիսուսին ընտանիքը
եւ անոր միւս անդամներուն հետ միասին վերանորոգենք աշխարհը մեր կեանքի վկայութեամբ եւ անոր մէջ Աստուծոյ խօսքը տարածելով, որպէսզի աշխարհը դառնայ բոլորին համար խաղաղ եւ բնակելիք բնակավայր մը: Բայց արդեօք, դուք պատրա՞ստ էք ընդունելու Աստուծոյ սէրը եւ անոր պատգամաւորները դառնալու»:
Ս. պատարագի աւարտին ամենապատիւ հոգեւոր տէրը եկեղեցւոյ մէջ աջահամբոյրով Ս. Ծննդեան օրհնութիւնը բաշխեց հաւատացեալներուն, ապա մեկնեցաւ Հայ կաթողիկէ պատրիարքարան, ուր շարունակեց ընդունիլ Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան շնորհաւորութիւնները:








All the contents on this site are copyrighted ©.